2014-11-13 11:59:51

Հայրապետական կոչ` Մեծ Եղեռնի 100 ամեակի յիշատակումին առթիւ։


2015-ի ապրիլ 12-ին Վատիկանի մէջ Հայածէս Սուրբ Պատարագ Հայոց ցեղասպանութեան 100 տարելիցին առիթով։
(Ռ.Վ. 13 նոյեմբեր 2014) Հինգշաբթի 13 նոյեմբեր 2014-ին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ` Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս - Պատրիարքը կոչ մը ուղղեց հայ կաթողիկէ կղերական դասին եւ հաւատացեալներուն, պատշաճ կերպով պատրաստուելու Մեծ Եղեռնի 100 ամեակի յիշատակումին եւ խանդավառութեամբ մասնակցելու յառաջիկայ` 12 ապրիլ 2015-ին, Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ մատուցուելիք, հայածէս սուրբ պատարագին` հայոց ցեղասպանութեան 100 տարելիցին առիթով։
Իր կոչին մէջ Ներսէս Պետրոս ԺԹ կաթողիկոսը մատնանշեց թէ ''այս պատմական իրադարձութեան պիտի արձագանգեն միջազգային լրատուամիջոցները եւ ան իր վրայ պիտի հրաւիրէ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը եւ պիտի հրահրէ անոր հետաքրքրութիւնը Հայ ժողովուրդին եւ Հայ Դատի մասին''։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հուսկ կոչին աւարտին ընդգծեց թէ. այս առթիւ '' պիտի վերահաստատենք մեր կառչումը աստուածայաղթ Արդարութեան, մարդկային անկորնչելի իրաւունքին ու արժէքներուն եւ յատկապէս նահատակութեան վսեմագոյն արժէքին, որմէ ծիլ առաւ եւ կ՛ընձիւղուի ահա վերակենդանացումը ու փառապանծ յարութիւնը Հայ Ազգին''։








All the contents on this site are copyrighted ©.